Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՚աջակցի Հայաստանի զինուած ուժերուն՝ յիսնապետներու համակարգի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներու կազմակերպման հարցով։
Այս մասին կը տեղեկանանք Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան դիմատետրեան էջէն:
«Վերջերս Հայաստան կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան գլխաւոր յիսնապետ-մայոր Ռոպերթ Ապերնեթին՝ աջակցելու Հայաստանի զինուած ուժերու յիսնապետներու համակարգի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներուն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

