image

ԱՄՆ եւ դաշնակիցները Իսրայէլը եւ Իրանը յոդրորած են չերթալու մագլցումի ճանապարհով․ Պլինքըն

ԱՄՆ եւ դաշնակիցները Իսրայէլը եւ Իրանը յոդրորած են չերթալու մագլցումի ճանապարհով․ Պլինքըն

Ուաշինկթըն եւ ԱՄՆ դաշնակիցները ուղիղ ուղերձ յղած են Իսրայէլին եւ Իրանին, որ ոչ ոք պէտք է երթայ մագլցումի ճանապարհով՝ յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն՝ ճեպազրոյցի ժամանակ:

«Կը շարունակենք աշխուժ աշխատիլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հակամարտութեան տարածումը կանխելու ուղղութեամբ: Վերջին օրերուն մշտական կապի մէջ եղած ենք տարածաշրջանի մէջ եւ ատոր սահմաններէն դուրս գտնուող գործընկերներու հետ», - նշած է դիւանագէտը: 

Միաժամանակ Պլինքըն ընդգծած է, որ Իսրայէլի եւ տարածաշրջանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերու անվտանգութիւնն ապահովելու ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը անսասան է։

«Հետագայ յարձակումները յղի են վտանգաւոր հետեւանքներով, որոնք ոչ ոք կրնայ կանխատեսել կամ լիովին վերահսկել», - մտահոգութիւն յայտնած է արտաքին գործոց նախարարը։ 

Էնթընի Պլինքըն նաեւ տեղեկացուցած է, որ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հասնելու եւ պատանդները վերադարձնելու գործարքի շուրջ բանակցութիւններն այժմ վճռական փուլի մէջ են, ուստի տարածաշրջանին մէջ հանգստութեան ապահովումը հրամայական է: