image

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ի այցը՝ Այնճար

 ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ի այցը՝ Այնճար

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան այցելեց Այնճար հայաւանը: 

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ «Անճար Արթ Կալըրի»-ի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 18 Յուլիսին, Այնճարի արուեստի պատկերասրահը պատիւն ունեցաւ հիւրընկալելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին հիւրեր, որոնք կու գային Պէյրութէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ ԱՄՆ-էն եւ անոնց կ’ուղեկցէր Այնճարի քաղաքապետ՝ Պրն. Սեդրակ Հաւաթեանը։ Յիշենք նաեւ թէ անոնք այցելեցին Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցին, Այնճարի բերդը, Մուսա լերան ազգագրական թանգարանը, եւ «Պօղոս Սնապեանի Տուն Թանգարան»ը: