image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. պատարագեց եւ քարոզեց՝ Մէսէչուսէսթսի մէջ

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. պատարագեց եւ քարոզեց՝ Մէսէչուսէսթսի մէջ

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւար տօնին առթիւ մատուցած է Սուրբ եւ Անման Պատարագ, ինչպէս նաեւ տուած է յաւուր պատշաճի քարոզ մը։ 

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ատոր մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, 17 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէսթս), Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ։ Օրուան պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի կեանքին իբրեւ ամբողջական հնազանդութեան օրինակ, որ ինքզինք յանձնած է Աստուծոյ կամքին։ Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտեց Ուայթընզվիլի փոքր բայց աշխոյժ համանքի գեղեցիկ օրինակը։ Ծուխին ցուցաբերած հաւատքը Սուրբ Հոգիի զօրութեան վկայութիւնը տուած է համայնքին առհասարակ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը իր աղօթքն ու օրհնութիւնը տուաւ նորածին Արեգ Արա Նալպանտեանին, որդի՝ Արի Սրկ. եւ Անի Նալպանտեանի։

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսով, որ հեռուէն ու մօտէն եկած աւելի քան 700 հայ եւ օտար համախմբեց, ընկերային գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով համադամ ուտելիքներու եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Անդաստանի եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնները առիթ եղան, որ ներկաները անդրադառնան եւ արժեւորեն բնութեան բարիքները, որպէս շօշափելի պարգեւ Երկնաւոր Հօր։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց խորհրդաւոր արարողութիւններուն, առընթերակայութեամբ շրջանի եկեղեցականներուն՝ Արժպ․ Տ. Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանի (հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Ուայթընզվիլ), Արժպ․ Տ. Արամ Ա. Քհն․ Ստեփանեանի (Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախկին հովիւ), Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի (հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Ուստըր), Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի (նախկին հովիւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, Փրաւիտընս), Արժպ․ Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանի (հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Նորթ Անտովըր), եւ Արժպ․ Տ Թադէոս Քհն․ Բարսեղեանի (հոգեւոր հովիւ էջմիածնական Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, Ուստըր)։