image

Ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած են Հուսիներու «Ռաս իսա» նաւահանգիստը 

Ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած են Հուսիներու «Ռաս իսա» նաւահանգիստը 

Ամերիկացի զինուորականներն այս գիշեր ոչնչացուցած են Ռաս Իսա նաւահանգիստը Եմէնի մէջ, որ կը վերահսկուի «Անսար Ալլա» (հուսիներ) ռազմաքաղաքական շարժման կողմէ: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ Զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM):

«Այսօր ԱՄՆ Զինուած ուժերը հարուածած են վառելիքի աղբիւրներ, որոնք կ՚աջակցին Իրանի հետ կապուած հուսի ահաբեկչական խմբաւորման։ Այդ հարուածներն ուղղուած են անոր, որ խմբաւորումը զրկեն անօրինական եկամուտներէ, որոնք աւելի քան 10 տարի օգտագործուած են հուսիներու ահաբեկչական գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ ֆինանսաւորելու համար»,-ըսուած է հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է X-ի էջին:

Ռաս Իսա նաւթային նաւահանգիստին ԱՄՆ-ի օդուժի հարուածներէն զոհուած է 33, վիրաւորուած՝ 80 մարդ, յայտնած է Al Massira հեռուստաալիքը։ Զոհուածներու մեծ մասը նաւահանգիստի աշխատակիցներ էին։