image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս Ռուսիոյ դէմ «2-րդ ճակատ բանալու» ցատկահարթակ. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս Ռուսիոյ դէմ «2-րդ ճակատ բանալու» ցատկահարթակ. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս Ռուսիոյ դէմ «երկրորդ ճակատ» բանալու ցատկահարթակ։

ՌԻԱ Նովոսթիի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Կալուզին։

«Ուաշինկթըն վաղուց չի թաքցներ, որ Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս ցատկահարթակ Ռուսիոյ դէմ «երկրորդ ճակատ» բանալու համար», - ըսած է ան:

Կալուզինի խօսքով՝ այս ամէնը արմատապէս կը հակասէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու իրական շահերուն։