Ամերիկայի Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները նամակ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ նախազգուշացնելով, որ Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ գտնուիլը Արցախի համար կը նշանակէ մահուան դատավճիռ: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի հրապարակած նամակը:
«Մենք՝ հայկական ծագում ունեցող ամերիկացի քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդներս, կոչ կ'ընենք Ձեզի վճռականօրէն կանգնելու Արցախի քրիստոնեայ հայերը Ատրպէյճանի կազմ մտցնելու որեւէ փորձի դէմ. այդ երկիրը բացայայտօրէն յանձնառու է հայերու հայրենիքի այս հնագոյն հատուածի բնիկ բնակչութեան էթնիք զտման։ Որեւէ կարգաւորում, որ բռնապետական Ատրպէյճանին կ'ենթարկեցնէ ժողովրդավարական Արցախի՝ վտանգի տակ գտնուող քաղաքացիները, մահապատիժ է այս սուրբ հողի հայերու համար, որ 120 000 տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու եւ, ի հարկէ, անթիւ սրբավայրերու հայրենիքն է», - գրուած է նամակին մէջ:
Նամակի հեղինակները նաեւ կոչ կ'ընեն հրաժարելու Ատրպէյճանին ռազմական օգնութեան տրամադրումէն եւ ընդգծած են, որ ամերիկացիները երբեք պէտք չէ մեղսակից ըլլան ցեղասպանական բռնութիւններուն, որ Ատրպէյճանը կրնայ իրականացնել հայերու դէմ:
Ամերիկայի Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները նաեւ յոյս յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնն առաջ կը մղէ ժողովրդավարական խաղաղութեան հաստատումը, որ կը յարգէ քրիստոնէութեան վաղ բնօրրան հանդիսացող Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: