Յուլիսի 6ին Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցած է «Հայ բանասիրութեան հեռանկարները» միջազգային գիտաժողովը: Այն կազմակերպուած էր Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ (յանձնախմբի քարտուղար՝ Նորայր Պօղոսեան) եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի (ՀԱԳ) հետ համագործակցութեամբ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայաստանի Ազգային գրադարան դիմատետրեան էջէն։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ գիտաժողովը սկսած է Սիէթըլի Հայոց եկեղեցու հոգեւոր հովիւ Վազգէն քահանայ Պոյաճեանի ողջոյնի խօսքով, որ մասնակիցներուն փոխանցած է Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութիւնը: Գրադարանի կողմէ ողջոյնի խօսք ըսած է տնօրէնի խորհրդական Ներսէս Հայրապետեանը:
Լիագումար նիստին ելոթ ունեցած է Ազգային գրադարանի գիտական փոխտնօրէն Հայկանոյշ Ղազարեանը, որ ներկայացուցած է «Ազգային գրադարանի շտեմարանները. աջակցութիւն հայագիտութեանը» զեկուցումը: ՀԱԳի «Հայ գիրք», «Հայ մամուլ», «Հայաստանի ատենախօսութիւններու համահաւաք պահոց» եւ «ՀԱԳի թուային պահոց» շտեմարանները ստեղծուած են առաջին հերթին աջակցելու հայագիտական հետազօտութիւններուն, դիւրացնելու անհրաժեշտ նիւթերու որոնումը եւ ապահովելու թուային բովանդակութեան մատչելիութիւնը:
Օգտակար եւ ուշագրաւ զեկուցումներ ներկայացուցած են Սեւան Տէյիրմէնճեանը (Պոլիս, Թուրքիա), ԳԱԱ թղթակից անդամ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, պրոֆեսոր Ալիտա Դոլուխանեանը, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, պրոֆեսոր Վազգէն Համբարձումեանը, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, պրոֆեսոր Սամուէլ Մուրադեանը եւ ուրիշներ: