image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկան յաւելեալ ուժեր պիտի առաքէ Ուքրանիա

Ամերիկան յաւելեալ ուժեր պիտի առաքէ Ուքրանիա

Սպիտակ տունը կը դիտարկէ Ուքրանիա սպառազինութեան յաւելեալ խմբաքանակ ուղարկելու հնաարաւորութիւնը՝ Ռուսաստանի յարձակման սպառնալիքի պատճառով։ ԱՄՆ նաեւ կրնայ ռազմական խորհրդատուներ ուղարկել Ուքրանիա։ 

Ուքրանիոյ օգնութեան փաթեթին մէջ կրնան ըլլալ Javelin հակատանկային հրթիռներ, ականանետեր, ՀՕՊ համակարգեր։

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պահանջէ Ուքրանիա ուղարկել սարքաւորումները, որոնք աւելի վաղ ծրագրուած էր ուղարկել Աֆղանիստան։ Անոնց շարքին են «Մի-17» ռուսական ուղղաթիռները, որոնք ԱՄՆ-ն գնած էր՝ աֆղաններուն փոխանցելու համար։

ԱՄՆ շարք մը պաշտօնեաներ անհանգստացած են, որ սպառազինութեան ուղարկումը Ուքրանիա կրնայ գնահատուիլ Մոսկուայի կողմէ որպէս հակամարտութեան լուրջ սրացում։

Պաշտօնաթող փոխգնդապետ Սեդրիկ Լեյթոնը ըսած է, որ Javelin հակատանկային հրթիռները միանգամայն արդիւնաւէտ են «Т-80» տանկերու դէմ, որոնք ռուսերը ներկայիս փաստացի կ'օգտագործեն Ուքրանիոյ դէմ։