image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկան մտահոգ է Երասխի դէպքերով

Ամերիկան մտահոգ է Երասխի դէպքերով

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնն իր մտահոգութիւնը յայտնած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին հրադադարի խախտման կապակցութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ Մեթիու Միլլըր «Twitter»-ի էջին գրած է․ «Խորապէս մտահոգուած ենք, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն առնչուող ընկերութեան երկու քաղաքացիական աշխատակիցներ վիրաւորուած են Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցներէն։ Կը վերահաստատենք սահմաններու երկայնքով զսպուածութեան պահպանման մեր կոչը, քանի որ կողմերը կ'աշխատին երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ»:

14 Յունիսին Երասխի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուժի կրակոցներու հետեւանքով Հնդկաստանի 2 քաղաքացի վիրաւորուած էր: