image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկան չի կրնար դիտողի դերին մէջ ըլլալ. ԱՄՆ Գործիչներ

Ամերիկան չի կրնար դիտողի դերին մէջ ըլլալ. ԱՄՆ Գործիչներ

ԱՄՆ ծերակուտականներ Պոպ Մենենտեսը եւ Ճէք Ռիտը կը պահանջըն, որ Պայտընի վարչակազմը աշխուժացնէ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի մեկամսեայ շրջափակումը դադրեցնելու ջանքերը։

Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ ծերակուտականները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի մեկամսեայ շրջափակման եւ արագ աճող մարդասիրական ճգնաժամի կապակցութեամբ։ «Չնայած պնդումներուն, որ շրջափակումը կ’իրականացուի «բնապահպաններու» կողմէ, ինչպէս կ’երեւի, վերջնական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի վարչակարգը: Աւելին, ռուսական ուժերը, որոնց վստահուած է խաղաղութեան պահպանումը, յստակօրէն ձախողած են իրենց պարտականութիւնները:

Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը աւերիչ հետեւանքներ ունի արդէն իսկ խոցելի տարածաշրջանին համար, որ դեռ կը վերականգնուի 2020 թուականի ատրպէյճանական յարձակման ետցնցումներէն: Հայաստանի կառավարութեան տուեալներով՝ Պաքուն Լեռնային Ղարաբաղի 120 000 բնակիչներուն կը մերժէ տեղաշարժի ազատութիւն տալ՝ փաստացիօրէն պատանդ պահելով անոնց՝ իր սեփական օրակարգը առաջ մղելու համար: Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը արդէն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչի մահուան մասին, որուն թոյլ չեն տուած բուժօգնութեան դիմել Հայաստանի մէջ։ Բազմաթիւ կեանքեր վտանգի տակ են պարէնի եւ դեղորայքի աճող պակասի պատճառով: Երկու շաբաթ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնեաները յայտնած են, որ տարածաշրջանին մէջ միրգի, բանջարեղէնի, հացահատիկի եւ շաքարի պաշարները կը սպառին, իսկ ձուի, կարագի, ալիւրի եւ բրինձի անբավարարութիւնը տագնապ կ'առաջացնէ: Այսօր իրավիճակը, անշուշտ, աւելի ծանր է։

Միացեալ Նահանգները չի կրնար մէկ կողմ կանգնիլ, մինչ Ալիեւի վարչակարգը անզգամաբար կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու կեանքին, եւ պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը`սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութենէն քաղաքացիական բնակչութիւնը զրկելու համար:

Մենք ուրախ էինք տեսնել, որ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուիչը վերջերս Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ըրաւ վերականգնելու ազատ տեղաշարժը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Մենք կ’ողջունենք մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացնող այս շրջափակման համար Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան ճանաչումը, սակայն միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգները պէտք է քայլերու ձեռնարկէ պաշարուած բնակչութեան համար մարդասիրական եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ազատ հոսքը վերականգնելու ուղղութեամբ: Մենք պէտք է աջակցինք կազմակերպութիւններուն, որոնք կ’աշխատին օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ, եւ պէտք է աշխատինք մեր համախոհ գործընկերներուն հետ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, որոնք նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած են Պաքուի գործողութիւններուն առնչութեամբ, որպէսզի ճնշենք Ալիեւի վարչակարգին` դադրեցնել այս անընդունելի շրջափակումը:

Մենք անհամբեր կը սպասենք ձեր շուտափոյթ պատասխանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման վերացման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքին»։