image

Ամերիկահայ համայնքը կը բողոքէ ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ առաջադրուած թուրք թեկնածուի դէմ

Ամերիկահայ համայնքը կը բողոքէ ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ առաջադրուած թուրք թեկնածուի դէմ

ԱՄՆ հայ համայնքը բողոքի լայնածաւալ արշաւներ սկսած է ազգութեամբ թուրք, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ–ի երկքաղաքացի Մեհմետ Օզի` ԱՄՆ խորհրդարնի Վերին պալատին մէջ թեկնածու առաջադրուելու դէմ։

Համայնքի ներկայացուցիչներն այսօր հաւաքուած են Քալիֆորնիոյ Օրէյնճ շրջանին մէջ գտնուող Օդուժի թանգարանի մօտ, ուր տեղի կ'ունենայ Մեհմետ Օզի ընտարարշաւի դրամահաւաքը։

Համայնքի ներկայացուցիչները Հայաստանի ու ԱՄՆ–ի դրօշներով, Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող պաստառներով յայտարարած էին. «Ցեղասպանութիւնը ժխտողները Քալիֆորնիոյ մէջ ողջունելի չեն։ Անոնք պիտի չընդունուին նաեւ Քոնկրէսին մէջ»։

Նշենք, որ Սենատի միջանկեալ ընտրութիւնները նախանշուած են նոյեմբերին։ Յաղթանակի պարագային Ցեղասպանութեան ժխտման իր քաղաքականութեամբ յայտնի Օզը պիտի դառնայ ամերիկեան խորհրդարանի Վերին պալատին մէջ ընտրուած առաջին թուրք գործիչը։

Այս տարուան մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ԱՄՆ Հանրապետական կուսակցութեան անդամներուն կոչ ըրած էր ներկուսակցական ընտրութիւններուն պաշտպանելու Մեհմետ Օզի թեկնածութիւնը։

Օզն ԱՄՆ–ի մէջ յայտնի է որպէս բժիշկ եւ հեռուստահաղորդավար` «Տաքթը Օզ» անունով։

Առաջադրումէն ամիսներ առաջ ամերիկեան հեղինակաւոր The Washington Post պարբերականն անդրադարձած էր Մեհմետ Օզի քաղաքական յաւակնութիւններուն` յատկապէս մատնանշելով անոր կապը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Թերթը յայտնած էր, որ Սենատի մէջ առաջադրուելու յաւակնութիւն ունեցող գործիչն ԱՄՆ–ի ու Թուրքիոյ քաղաքացի է եւ ոչ մէկ ձեւով կ'ուզէ հրաժարիլ իր թրքական անձնագրէն։

The Washington Post –ն իր յօդուածին մէջ այս փաստի վրայ հրաւիրած էր ԱՄՆ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի ուշադրութիւնը` նշելով, որ այն հետագային իրենց համար գլխացաւանք պիտի դառնայ։