image

Ամերիկացի բանագնացը Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Պայրամովի հետ

Ամերիկացի բանագնացը Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Պայրամովի հետ

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Կովկասի հարցերով բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքերը Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ ընդգծած ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններուն, քանի որ երկու կողմերը կ'աշխատին կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

Ռիքերը կրկնած է պետական քարտուղար Պլինքընի խօսքերը, որ ուղիղ երկխօսութիւնը խաղաղութեան ճիշդ ճանապարհն է։ Դեսպանը յորդորած  է երկու կողմերը ծրագրել ապագայ բանակցութիւնները եւ յստակ քայլեր ձեռնարկել խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու համար՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները կ'աջակցի խաղաղ գործընթացին։