Ամենամեծ խնդիրը վստահութիւնն է. այդ պատճառով է, որ բանակցութիւնները դանդաղ կ'ընթանան, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Օվերչուքը ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ։
«Ի վերջոյ, ճանապարհով պիտի երթան հասարակ մարդիկ՝ ատրպէյճանցիներ, հայեր, այլ երկիրներու քաղաքացիներ։ Ինչպէ՞ս անոնք պիտի փոխազդեն իրար հետ սահմանը հատելու ժամանակ, ինչպէ՞ս պէտք է ապահովել անոնց անվտանգութիւնը այլ պետութեան տարածքով շարժելու ժամանակ, որ այլ երկրի տարածքին մէջ այս մարդոց հետ ոչ մէկ վատ բան պատահի։ Սա է այսօր գլխաւոր հարցը, որուն մենք միասին կ'ուզենք պատասխանել: Եւ, ի հարկէ, բոլորիս վրայ կ'ազդէ այն, ինչ հիմա կը կատարուի սահմանին։ Շատ աւելի հեշտ կ'ըլլար լուծումներ գտնել, եթէ կրակոցները դադրեցուէին»,-ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետը։
Օվերչուք նշած է, որ փաստաթուղթի մշակման գործին մէջ կը ներգրաւուին տարբեր ոլորտներու փորձագէտներ, իսկ նախագիծը ձեւաւորուած է եւ գրեթէ ամբողջութեամբ համաձայնեցուած է փոխվարչապետներու մակարդակով, թէեւ հիմնական հարցը՝ ինչպէս կը շփուին շարքային ատրպէյճանցիներն ու հայերը սահմանը հատելու ժամանակ, դեռ աշխատանք կը պահանջէ։
«Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ժամանակ կայացաւ իմ եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որու ժամանակ ան շատ մանրամասն անդրադարձաւ եռակողմ խումբի հանդիպումէն ետք մնացած բոլոր հարցերուն։ Շատ բան յստակեցուած է, բայց որոշ հարցեր դեռ կը մնան եւ կը պահանջեն հետագայ քննարկում ատրպէյճանական կողմի հետ»,- աւելցուցած է Օվերչուքը։