Գաթան այլեւս ո՛չ միայն հայկական ամէնէն սիրուած թխուածքներէն է, այլ նաեւ մանկապատանեկան նոր խաղ մը, որ նուիրուած է հայկական մշակոյթին։
«Գաթա՛յ» սեղանի նոր խաղը մէջտեղ բերած է մանկագիր Ալին Պզտիկեան Շիրաճեան, որ անցեալ տարի արտադրած էր սեղանի այլ խաղ մը՝ «Հայրենի Լեռներ եւ Գետեր»ը։
«Գաթա՛յ» խաղը կը նմանի աշխարհահռչակ «Պինկօ» խաղին։ Անիկա 64 պատկերազարդ թղթիկներով կը ներկայացնէ հայ մշակոյթի զանազան ճիւղերը՝ լեզու, կրօն, արուեստ, գորգարուետ, խոհանոց, տարազ, խորհրդանշան եւ պատմութիւն։
Երբ 64 թղթիկներու տրցակը, մէկ առ մէկ կը կարդացուի, խաղացողները իրենց գաթայի պատկերին վրայ երեւացող շերտին վրայ խաղանիշ մը կը դնեն այդ նոյն պատկերին վրայ։ Ան, որ ամէնէն առաջ կը փակէ իր գաթայի 16 շերտերուն նկարները կը դառնայ յաղթականը եւ «ԳԱԹԱ՛Յ»կը յայտարարէ։
Իսկ ինչու հեղինակը գաթայ անուանած է այս խաղը։ Ան կը բացատրէ, թէ գաթան մեր մշակոյթին մաս կազմած է դարերէ ի վեր եւ կոչուած է «հայկական քաղցրեղէնի թագուհին»։ Անիկա ո՛չ միայն անուշեղէն մըն է, այլ նաեւ հայկական մշակոյթին մէջ տօնական եւ ծիսական նշանակութիւն ունեցող թխուածք մըն է։
Խաղին բոլոր գրութիւնները երկլեզու են՝ հայերէն եւ անգլերէն, եւ միտուած է եօթ տարեկանէն մինչեւ մեծահասակներու համար։
Այս խաղը կարելի է ձեռք ձգել «Ապրիլ», «Սարդարպատ» եւ Արեւելեան Ամերիկայի Ազգային առաջնորդարանի գրախանութէն, ինչպէս նաեւ կապուելով հեղինակին հետ՝ alinehekiat@yahoo.com հասցէով։