image

Ալիեւի հետ մենք շատ յստակ ենք. եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը. Օ’Պրայըն

Ալիեւի հետ մենք շատ յստակ ենք. եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը. Օ’Պրայըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընի դիտարկմամբ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը կը հանդիսանայ ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու խնդիրը։ 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Օ'Պրայըն յայտարարած է՝ անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք վերջինս կը պտրաստո՞ւի Ատրպէյճան կատարելիք այցի շրջածիրէն ներս նախագահ Իլհամ Ալիեւին յստակ ուղերձ յղել այն մասին, որ Հայաստանի դէմ հետագայ որեւէ սպառնալիքը կամ յարձակում հետեւանքներ պիտի ունենան։      

«Նախագահ Ալիեւի հետ մենք շատ յստակ ենք. եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը։ Եւ այդ ոչ միայն Ատրպէյճանի խնդիրն է, որ յոյսով է, որ իրեն կը յարգեն որպէս համաշխարհային առաջնորդ, երբ կը հիւրընկալէ COP29-ը, այլ նաեւ ողջ տարածաշրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ խնդիրն է: Այս բոլոր երկիրներն աշխարհի այլ վայրեր այժմ արտահանումները կ՚իրականացնեն միայն Չինաստանի կամ Ռուսիոյ տարածքով, եւ որպէսզի ելք ունենան, պէտք է աշխատին արտահանում իրականացնել Ատրպէյճանով։ Մէկ երթուղին կ՚անցնի Վրաստանի տարածքով՝ դէպի Սեւ ծով, իսկ միւսը՝ հաւանական շատ աւելի մեծ երթուղի, որ կ՚անցնի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով: Եւ այս առումով մեզի անհրաժեշտ է խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ վերջ դնելու պատերազմին եւ սարսափելի հակամարտութեան, որ գոյութիւն ունի 90-ականներէն։ Մեր ուղերձն այն է, որ եկած է խաղաղութեան ժամանակը»,- յայտարարած է Օ'Պրայըն:  

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի նախագահի հետ շփումներուն մէջ ԱՄՆ-ի պաշտօնեաները կ՚անդրադառնան երկրի մէջ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութեան մասին: 

«Սա եղած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին»,- եզրափակած է Օ'Պրայըն։