Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Այս մասին ըսուած է X ցանցի էջին հրապարակուած Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ալիեւը եւ Ֆիտանը հանդիպման ժամանակ «ընդգծած են երկիրներու միջեւ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը բոլոր ոլորտներու մէջ»։
Ալիեւի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Անոնք վստահութիւն յայտնած են, որ յարաբերութիւնները կը շարունակեն ամրապնդուիլ բոլոր ոլորտներու մէջ։ Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում համագործակցութեան հեռանկարներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ»։
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 14-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն այցով ժամանած է Ատրպէյճան։ Կայացած է նաեւ Ֆիտանի հանդիպումը իր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ
