Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը նախաձեռնելու մասին: Այս մասին յայտնած է «Մոսկուա-Պաքու» լրատուական հարթակը։
«Մօտ ժամանակներս նախարարները պէտք է հանդիպին երկրորդ անգամ, եւ մենք առաջարկած ենք, որ անկէ ետք երկու երկիրներու աշխատանքային խումբերը հաւաքուին եւ քանի մը օր աշխատին խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրը պատրաստելու համար։ Այս է մեր մտադրութիւնը։
Յոյսով եմ, որ մենք աստիճանաբար կը մօտենանք խաղաղութեան։ Ես բարձր կը գնահատեմ Շարլ Միշելի աշխատանքը այս ոլորտին մէջ: Որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, Պրիւքսէլի մէջ մի քանի անգամ եռակողմ հանդիպումներ տեղի ունեցած են, եւ ամէն անգամ մենք կը մօտենանք խաղաղութեան»,-ըսած է Իլհամ Ալիեւ՝ Փրակի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հանդիպումէն ետք։
«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կարեւոր հարցեր, եւ կը կարծեմ, որ այս հանդիպումը նոյնպէս կարեւոր պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերման համար։ Շփումները դեռ կը շարունակուին։ Մենք պայմանաւորուած ենք ընթրիքէն ետք նորէն հանդիպիլ։ Ամէն պարագայի, խաղաղ գործընթացն արդէն կ'արագանայ»։