image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ սուր կը ճօճէ Արցախցիներու գլխուն

Ալիեւ սուր կը ճօճէ Արցախցիներու գլխուն

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ «Ղարաբաղի մէջ հայերը կա՛մ պէտք է ընդունին Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն, կա՛մ հեռանան»:

Ալիեւի խօսքով՝ Ատրպէյճանը բազմիցս յայտարարած է, որ պիտի չքննարկէ իր ներքին գործերը ոչ մէկ երկրի հետ, «իսկ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի ներքին գործն է»։

Ատրպէյճանի ղեկավարը նշած է, որ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը պէտք է ընտրութիւն կատարեն. «Այստեղ լիակատար ազատութիւն կայ, ամէն ինչ որոշւում է ժողովրդավարական գործընթացների հիման վրայ։ Այս հարցը նոյնպէս պէտք է լուծուի մարդու իրաւունքների հիման վրայ»,-ըսած է Ալիեւ։