Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կրկին բացայայտ սպառնացած է Հայաստանին:
«Պաքուն պիտի կանխէ Ատրպէյճնի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգները», ըսած է ան՝ ելոյթ ունենալով գրաւեալ հայկական Հատրութ քաղաքին մէջ զօրամասի բացման արարողութեան ժամանակ։ «Եթէ Հայաստանը կրկին փորձէ մեզի համար վտանգի աղբիւր ըլլալ, ապա անոնց վերջը պիտի ըլլայ նոյնը, ինչ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին», ըսած է Ալիեւ։
«Մենք երբեք չենք կրնար սպառնալիք թոյլ տալ մեր ժողովուրդին, մեր պետութեան, մեր տարածքային ամբողջականութեան։ Եթէ մեզի համար սպառնալիք տեսնենք, նոյնիսկ երկրէն դուրս, ապա մեզ ոչ ոք չի կրնար կանգնեցնել։ Այդ 44 օրուայ ընթացքին քանի անգամ փորձեցին մեզ կանգնեցնել, քանի անգամ ճնշում գործադրեցին, սպառնացին։ Սակայն մեզ ոչ ոք կրնար կանգնեցնել», յայտարարած է Ալիեւ։