Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Ֆրանսան մեղադրած է իսլամներու նկատմամբ բացայայտ խտրականութեան քաղաքականութիւն վարելու մէջ։
«Ֆրանսան, նէօ-գաղութատիրութեան իր աւանդական քաղաքականութեան հետ մէկտեղ, բացայայտօրէն կը վարէ իսլամներու նկատմամբ ճնշումներու եւ խտրականութեան քաղաքականութիւն, կը կազմակերպէ իսլամաֆոպական տարբեր արշաւներ»,-ըսած է ան։
Ըստ Ալիեւի՝ Ֆրանսայի մէջ մզկիթները, Իսլամական մշակութային կեդրոնները եւ գերեզմանատուները կ՚ենթարկուին տարբեր տեսակի պղծումներու, կը ճնշուին իսլամ քաղաքացիները: