image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Վերահսկողական գործիքակազմերու տարբեր պահանջներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Վերահսկողական գործիքակազմերու տարբեր պահանջներ

Բերձորի միջանցքը փակ պահելով, դէպի Արցախ ներթափանցման գործողութիւններ իրականացնելով, Ստեփանակերտէն դէպի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն ծառայութիւն կատարող ոստիկանական մեքենան կրակահերթի տակ առնելով, գիւղատնտեսական աշխատանքներ տանող Արցախի քաղաքացիներուն վրայ կրակելով Պաքուն անմիջականօրէն կը հետապնդէ որոշ առաջադրանքներ:

Ա.- Հարթել Նախիջեւան-Ազրպէյճան Սիւնիքի վրայով ճանապարհը, ոչ անպայման նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտի սահմանած եղանակներով:

Բ.- «Միջանցք-միջանցքի դիմաց» կարգախօսի եզրաբանութեան վերափոխումով, անցքերու կարգավիճակներու նոյնացումն է, որ կ՛արծարծուի:

Ականներու կամ զէնքերու տեղափոխումը Հայաստանէն Ազրպէյճան բացայայտ պատրուակներ են ապահովելու համար Բերձորի միջանցքին վրայ ազրպէյճանական անցակէտեր տեղադրելը:

Այս անմիջական պահանջներէն աւելի հեռու կ՛երթայ Պաքուն, երբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեամբ կը շարունակէ իր պահանջները:

Ա.- Հայկական զինեալ ուժերու հեռացում Արցախէն:

Բ.- Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային հսկողութեան դրութեան կիրարկում:

Ամբողջ հանգոյցը այս երկրորդ կէտին մէջ կը կայանայ: Սահմանային հսկողութիւնը հակամարտող կողմերու պարագային կ՛իրականացուի երրորդ կողմով, որուն սահմանագօտի ժամանման եւ գործառոյթներու ստանձնման համար անհրաժեշտ է երկու կողմերուն համաձայնութիւնը: Այնպէս ինչպէս Արցախի պարագային:

Հիմա Պաքուն նման առաքելութիւն կ՛առաջադրէ ամբողջ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքին: Այդ կը նշանակէ, որ նախ պէտք է ճշդել այն գօտին, ուր պիտի տեղակայուի վերահսկողութիւն իրականացնող առաքելութիւնը: Առաքելութեան բաղադրութեան մասին ակնարկ  չկայ անշուշտ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Այս առաջադրանքը յստակօրէն կը շաղկապուի սահմանազատման-սահմանագծման գործընթացին: Սահմանի հայաստանեան հատուածին, առանց համաձայնեցնելու ազրպէյճանական կողմին հետ Եւրոպական Միութիւնը կ՛իրականացնէ հերթաբար դիտորդական, փաստահաւաքի, կարիքներու ուսումնասիրութեան  եւ նման բնոյթի առաքելութիւններ: Այս բոլորը կանոնակարգելու համար Երեւանը յատուկ պայմանագիր կնքելու առաջարկ կը կատարէ ԵՄ-ին, առաքելութիւններու գործարկման երկարատեւութիւնը հաստատելու համար: Իսկ Արցախի ուղղութեամբ Երեւանը պարզ դարձուց, որ նուազագոյնը ՄԱԿ-ը պէտք է ուղարկէ միջգործակալական առաքելութիւն թէ՛ Բերձորի միջանցքին եւ թէ՛ Արցախի մէջ:

Պաքուն, որ ներխուժած է հայաստանեան տարածքներ, Արցախի ուղղութեամբ ներթափանցման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ եւ Արցախի ուղղութեամբ կը կրակէ միաժամանակ վերահսկողութեան գործիքակազմ առաջարկելով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ: Միջադէպերու եւ առաջարկուած առաքելութեան վայրերը տարբեր են:

Հայկական կողմի պահանջը Արցախի ուղղութեան վրայ կը կեդրոնանայ:

Այսպէս. ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, ազրպէյճանական յարձակումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներու ու անոնց մէջ միջազգային ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այդ երաշխիքներու կիրարկման համար ուրեմն անհրաժեշտ է միջազգային ներգրաւուածութիւն: Եւ կը շարունակէ` կոչ յղելով միջազգային հանրութեան Բերձորի միջանցքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելու:

Պաքուն ուրեմն, առանց միջազգային հանրութեան կոչ ընելու եւ առանց բնութագիր ճշդելու, վերահսկողութեան գործիքակազմ կ՛առաջարկէ ընդհանրապէս Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին, մինչ հայկական կողմը Արցախի մէջ եւ Բերձորի միջանցքին համար միջազգային ընտանիքէն կ՛ակնկալէ փաստահաւաք առաքելութիւն եւ ուղղակի ՄԱԿ-էն կ՛ակնկալէ միջգործակալական առաքելութիւն:

Կը թուի, որ վերահսկողական գործիքակազմերու աշխարհաքաղաքական պարանաձգութիւնն է, որ կը սկսի:

 

«Ա.»