Ատրպէյճանի կողմէ Կարմիր մահիկի բեռնատարներով Արցախի ժողովուրդին ուղարկուած «մարդասիրական» բեռի մուտքն Արցախ արգիլելու համար Ակնա-Ասկերան ճանապարհը կը շարունակուի փակ մնալ արցախցիներու կողմէ։
Արշաւի մասնակիցները «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին հաւաստած են, որ դիմադրութիւնը կը շարունակուի: Անոնք կը պայքարին, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուղարկուած ոչ մէկ մարդասիրական օգնութիւն մտնէ Արցախ:
«Այս պահին հերթափոխ ենք իրականացնում, որ գնանք ու փուռում հերթ կանգնենք`օրուայ ցամաք հացը գնելու համար։ Իսկ երեկոյեան կրկին կը գանք այստեղ: Եղանակային անբարենպաստ պայմաններին էլ ենք դիմանում. կարեւորն այն է, որ մեր թշնամու կողմից ուղարկուած ոչ մի օգնութիւն եւ ոչ մի իր չմտնի Արցախ, հակառակ դէպքում`կը ստացուի, որ դաւաճանել ենք մեր մարտիրոսուած եղբայրներին»,֊նշած է արշաւի մասնակիցներէն մէկը: