image

Ահմատ Շարաա Ասատի կողմնակիցներուն զէնքը վար դնելու կոչ ըրած է

Ահմատ Շարաա Ասատի կողմնակիցներուն զէնքը վար դնելու կոչ ըրած է

Վա՛ր դրէք զէնքը, քանի դեռ շատ ուշ չէ՝ նման յայտարարութեամբ Պաշշար Ասատի կողմնակիցներուն դիմած է Սուրիոյ անցումային կառավարութեան նախագահ Ահմատ Շարաան:

«Տապալած ռեժիմի որոշ մնացորդներ մարտահրաւէր կը նետեն նոր Սուրիոյ: Սուրիան կը մնայ միասնական՝ արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ։ Ինկած ռեժիմի մնացորդներուն յիշեցնեմ. մենք ձեր դէմ պայքարեցանք ազատագրման համար, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ դուք փորձեցիք սպանել մեզ: Մեր նպատակն է վերականգնել այն երկիրը, որ դուք աւերած էք: Չնայած ձեր դաւաճանութեան՝ պետութիւնը պիտի մնայ քաղաքացիական խաղաղութեան երաշխաւորը։ Յանձնեցէք զէնքը, քանի դեռ շատ ուշ չէ»,- յայտարարած է Շարաան:

Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի իշխանութեան անկումէն ի վեր ամենազանգուածային բախումները գրացուած են: Արդէն հարիւրաւոր մարդիկ զոհուած են։ Բախումները հիմնական տեղի կ՚ունենան Լաթաքիա նահանգի մէջ, ուր մեծ թիւ կը կազմեն ալեւիները, որոնք Ասատի իշխանութեան յենասիւնն էին։

Այժմ որոշ շրջաններու մէջ կը շարունակուին փոխհրաձգութիւնները։ Առայժմ չէ յաջողուած մարել հրդեհները, որոնք բռնկած են պայթումներէն ետք։