image
Հրատապ լուրեր:

Անտիոքի, Աղէքսանտրէթի եւ Մուսա Լերան Վագըֆլի գիւղին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Պոլսոյ մէջ

 Անտիոքի, Աղէքսանտրէթի եւ Մուսա Լերան  Վագըֆլի  գիւղին նուիրուած  ցուցահանդէս՝ Պոլսոյ մէջ

Օրերս  Պոլսոյ մէջ    բացումը եղած է     իւրայատուկ  ցուցահանդէսի մը նուիրուած   Թուրքիոյ վերջին  երկրաշարժին հետեւանքով  մեծ վնասներու ենթարկուած   քաղաքներու՝  Անտիոքի, Աղէքսանտրէթի եւ  Մուսա Լերան  շրջանի։

Կը նշուի , որ ցուցահանդէսը կազմակերպած է  Պոլսոյ  հանրահայտ  հրատարակիչ՝  Օսման Քէօքէրը, որ   տարբեր առիթներով ալ  ներկայացուցած է  հայութեան  հետ առնչուող բազմաթիւ թեմաներ։

 Ցուցահանդէսին մասին  լրատւութիւն կատարած է Պոլսոյ մեր  պաշտօնակից «Ժամանակ»ը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

«Galeri Bir Zamanlar»ի երդիքին տակ, Նշանթաշը, բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «100 տարի առաջ Անթաքիա, Իսքենտէրուն եւ Մուսա տաղ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիսի 10-ը։ Յետերկրաշարժեան պայմաններով այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի ի նպաստ Վաքըֆլըգիւղի։ Անտիոքի եւ ընդհանրապէս Մուսա լերան շրջակայքի հայերուն վերաբերեալ գիրք մըն ալ այս ցուցահանդէսին զուգահեռ դրուած է վաճառքի։ Այս բոլորին հասոյթը պիտի տրամադրուի Վաքըֆլըգիւղին, որպէսզի աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ճանապարհին ապահովուի զօրակցութիւն մը։ Ի լրումն այս բոլորին, ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս վաճառքի դրուած են նաեւ գիւղի արտադրանքները։ Այդ հասոյթը եւս պիտի բարդուի մնացեալ գումարին վրայ՝ նոյն նպատակին համար։

Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է յայտնի հրատարակիչ Օսման Քէօքէրի կողմէ։ Գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Սաւաշ Եըլտըրըմ։

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին Օսման Քէօքէր ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին նշեց, որ երկրաշարժէն վերջ այցելած է աղէտի գօտի եւ որոշած է այսպիսի ցուցահանդէս մը կազմակերպել։ Ըստ իրեն, երկրաշարժը մէկ կողմէ կեանքեր խլած է, իսկ միւս կողմէ մեծ աւեր մը պատճառած է՝ աղէտի գօտիի քաղաքներու պատմական հիմքին տեսակէտէ։ Այժմ ջանքեր կը գործադրուին այս քաղաքներու վերականգնման համար, սակայն կարելի չ՚ըլլար մշակութային ժառանգութիւնը խնայել։ Ցուցահանդէսի նպատակներէն մին է նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրել՝ երկրաշարժէն աւերուած քաղաքներու անցեալի բազմամշակոյթ բնոյթին վրայ։ Ուստի, Անթաքիա եւ Իսքենտէրուն քաղաքներու հարիւր տարի առաջուան վիճակին վրայ լոյս սփռող այս ցուցահանդէսի ներկայ ժամանակաշրջանին կազմակերպումը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, համայնքային շրջանակներէն եւ փոքրամասնական հաւաքականութիւններէն յայտնի դէմքեր։