image

Աղաւօ. 86-ամեայ բնակիչը հրկիզած է իր սեփական բնակարանը (Տեսանիւթ)

Աղաւօ. 86-ամեայ բնակիչը հրկիզած է իր սեփական բնակարանը (Տեսանիւթ)

Աղաւնոյի 86-ամեայ Ռադիա Յովսէփեանն իր ձեռքով այրած է Աղաւնոյի իր իսկ կառուցած տունը:

Ընկերային ցանցերուն վրայ  տարածուած տեսանիւթին մէջ կ'երեւի, որ տարեց տղամարդը դողացող ձեռքերով պենզին կը լեցնէ տան պատերուն եւ կ'ըսէ, որ հակառակ որ իր մահուան ժամանակն է, սակայն ինք պիտի չթողէ, որ թուրքը մտնէ իր տուն:

Յիշեցնենք, որ Արցախի տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն տեղեկացուցած է, որ մինչեւ 25 օգոստոսը պէտք է լքեն իրենց տուները։  Բնակչութեան հիմնական մասն արդէն հեռացած է բնակավայրերէն: