image

64 գոնկրէսականներ միացան Ատրպէյճանը ռազմական օժանդակութենէ զրկելու եւ Հայաստանին ու Արցախի օժանդակելու նախագիծին

64 գոնկրէսականներ միացան  Ատրպէյճանը   ռազմական օժանդակութենէ  զրկելու եւ Հայաստանին ու Արցախի օժանդակելու նախագիծին

ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի թիւով 46 անդամներ Ապրիլ 28-ին նամակով դիմած են յատկացումներու յանձնաժողովի նախագահին` խնդրելով դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը եւ 150 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին ու Արցախին, որպէսզի վերջիններս դիմագրաւեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարուցուած մարդասիրական եւ անվտանգային ճգնաժամերը: Այս երկու ուղղութիւնները Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններէն են, որոնց իրականացման համար տեւական ժամանակէ աշխատանք կ'իրականացուի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ գործող այլ ժողովուրդներու համայնքային կազմակերպութիւններու ներգրաւմամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն:

Մեկնաբանելով բաւական մեծ թիւով գոնկրէսականներու միացումը յիշեալ նախաձեռնութեան` Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Մենք կանգնած ենք Գոնկրէսի 64 անդամներու կողքին, որոնք 2023թ․ տարուայ համար կոչ կ'ընեն բաւական ազդու օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախին եւ Հայաստանին, հակազդելու Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումներուն եւ իրապէս փոխելու շուրջ 100.000 հայերու կեանքին որակը: Մենք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակենք աշխատիլ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի անդամներուն հետ, որ ամերիկեան հարկատուներու գումարները չօգտագործուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան օգնելու եւ աջակցելու համար»:

Երկկուսակցական նամակին մէջ, օրէնսդիրները, Գոնկրէսի հայկական խումբի համանախագահ Ֆրենփ Փալոնի առաջնորդութեամբ, բարձրաձայնած են, որ Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ բախիլ ծանր դժուարութիւններու, որոնք յառաջացածլ են ինչպէս 2020-ի ատրպէյճանական յարձակման, այնպէս ալ անմեղ քաղաքացիներու դէմ մինչ օրս շարունակուող սադրանքներու պատճառով եւ, որ Արցախին յատկացուելիք 50 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը «պիտի օգնէ հայ փախստականներուն տրամադրելու օգնութիւն, բնակարան, պարէնային անվտանգութիւն, առողջապահութիւն, վերականգնում եւ ականազերծում, ինչ որ անհրաժեշտ է իրենց համայնքները վերականգնելու, իրենց կեանքը վերակազմակերպելու համար»:

Հայաստանին 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու իրենց առաջարկին հիմնաւորուածութիւնը օրէնսդիրները բացատրած են այն հանգամանքով, որ այդ պիտի օգնէ ամրապնդել ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութիւնը, ամրապնդել ամերիկեան ներկայութիւնը, մեծցնել ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ:

Օրէնսդիրները իրենց նամակին մէջ նաեւ կարեւորած են, որ «907-րդ բանաձեւ»ին կատարումը ամբողջապէս վերականգնուի, որով կ'արգիլուի Ատրպէյճանին ամերիկեան արտաքին օժանդակութեան տրամադրումը, ինչպէս նաեւ կարեւորած են հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը:

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը սերտօրէն կը համագործակցի Ֆ․ Փալոնի եւ Գոնկրէսի հայկական յանձնախումբի ղեկավարութեան հետ` հայանպաստ այս նախագիծին կատարումը ապահովելու ուղղութեամբ: Այս առումով Հայ դատի յանձնախումբը իրականացուցած է ամերիկահայ համայնքի զօրաշարժ, որով աւելի քան 50․000 նամակ ուղարկուած է գոնկրէսականներուն` յանձնախումբի ելեկտրոնային յատուկ հարթակի միջոցով: