image

6 տարուան մէջ առաջին անգամ Էրտողանը Յունաստան այցելած է

6 տարուան մէջ առաջին անգամ Էրտողանը Յունաստան այցելած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան 6 տարուան ընթացքին առաջին անգամ այցելած է Յունաստան։

Թուրքիոյ նախագահը օդակայանին մէջ դիմաւորած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Կերափեթրիթիսը:

Օդանաւը նախատեսուածէն շուտ ժամանած է։ Էրտողան մեքենայ չէ նստած, այլ պատուիրակութեան հետ գացած է օդակայանի VIP սրահ։

Այցի ընթացքին Թուրքիոյ ղեկավարը հանդիպումներ պիտի ունենայ Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլուի եւ վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ երկու երկիրներու համագործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի 5-րդ լիագումար նիստը Յունաստանի վարչապետի եւ Թուրքիոյ նախագահի նախագահութեամբ։

Կը սպասուի, որ կողմերը կը ստորագրեն Բարեկամական յարաբերութիւններու եւ բարիդրացիութեան հռչակագիր, ինչպէս նաեւ առնուազն 20 համաձայնագիր, այդ շարքին՝ գաղթի վերաբերեալ։