image

49.4 տոկոսը դէմ է Փաշինեանի գործունէութեան. Gallup International

49.4 տոկոսը դէմ է Փաշինեանի գործունէութեան. Gallup International

«Gallup International association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան այսօր մամուլի ասուլիսի ժամանակ ներկայացուցած է, թէ ինչպէս Նոյեմբերի ընթացքին հարցուած քաղաքայինները կը գնահատեն շարք մը պաշտօնեաներու աշխատանքը։

Վարչապետի աշխատանքին հաւանութիւն տուած է հարցուած քաղաքայիններուն 33.4 տոկոսը, իսկ 49.4 տոկոսը հաւանութիւն չէ տուած։ Հարցուածներուն 60.5 տոկոսը հաւանութիւն չէ տուած կառավարութեան աշխատանքին եւ միայն 23 տոկոսը հաւանութիւն տուած է կառավարութեան աշխատանքին։

«ՀՀ ԱԺ-ի աշխատանքին հաւանութիւն տուած է միայն 16.3 տոկոսը։ Այսպիսի ցած ցուցանիշ վերջին 11 տարուայ մէջ երբեւիցէ չէ եղած։ 68 տոկոսը այս կառոյցին աշխատանքին հաւանութիւն չէ տուած։ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին 18.7 տոկոսը դրական գնահատած է, իսկ 60 տոկոսը դժգոհ է անոր աշխատանքէն», ըսաւ Արամ Նաւասարդեանը։

Հետազօտութիւնը տեղի ունեցած է 16-27 Նոյեմբերին, հեռախօսային մեթոտով։