image

4 գիւղի հարցը չլուծելը հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին հրաժարելու գործընթացը շարունակելու պարտաւորութենէն․ Վարչապետ

4 գիւղի հարցը չլուծելը հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին հրաժարելու գործընթացը շարունակելու պարտաւորութենէն․ Վարչապետ

Որքանով երաշխաւորուած է, որ Ատրպէյճանը չորս գիւղերու հարցի լուծումէն ետք նոր պահանջներ չի ներկայացներ Հայաստանին: Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին այս հարցին անդրադարձած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ըսելով, որ 4 գիւղերու հարցի չլուծումը աւելի շատ հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին հրաժարելու նոյն սկզբունքով գործընթացը շարունակելու պարտաւորութենէն, քան 4 գիւղերու հարցի լուծումը, ընդ որում, 4 գիւղ ըսելով նկատի պէտք է ունենալ, որ խօսքը այնպիսի գիւղերու մասին է, որոնք երբեք չեն եղած Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի կազմին մէջ։ 

«Մենք այդպիսի բնակավայրեր չենք ունեցել, եւ Ալմա-Աթայի հռչակագրի տրամաբանութեամբ դրանք գտնուել են Խորհրդային Ադրբեջանի կազմում։ Եւ ահա Ձեր հարցի պատասխանը՝ այս խնդրի չլուծումն Ադրբեջանին աւելի մեծ հնարաւորութիւն կը տայ խուսափել այդ բանաձեւից եւ այդ պայմանաւորուածութիւններից, քան այս 4 գիւղերի հատուածում սահմանազատման գործընթացի իրականացումը»,-ըսած է ան:

Ճշդող հարցին` որքան է հաւանականութիւնը, որ սահմանազատումէն ետք Ատրպէյճանը նոր` միակողմանի յաւակնութիւններ չի ներկայացներ, Հայաստանը զիջումներու չերթար «Զանգեզուրի միջանցք»ի, ատրպէյճանցիներու վերադարձի առումով:

«Ես զարմանում եմ` մենք ինչ հետեւողական ենք շարունակում օգտագործել Ադրբեջանի առաջ քաշած խօսոյթները` այն պայմաններում, երբ ունենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, այն դէպքում, երբ պէտք է օգտագործենք նման խօսոյթներ: Ուզում եմ հետեւեալ նրբութեան, որը իրականում էական հանգամանք է, դրա վրայ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել. որոնք են երաշխիքները, որ Ադրբեջանը նոր, միակողմանի պահանջներ եւ այլն, եւ այլն... երաշխիքը մեր դիրքերի լեգիտիմութիւնն է, սա շատ էական հանգամանք է, լեգիտիմութիւնը` արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ»,- պատասխանած է վարչապետը:

Փաշինեանի խօսքով` 2021, 2022 թուականներու իրադարձութիւնները շատ պարագաներու միջազգային հանրութեան ներկայացուած են 4 գիւղի պարունակին մէջ։  Այսինքն` ինչ-որ չափով փորձ եղած է, որոշ պարագաներու` յաջող, ցոյց տալու, որ Հայաստանն է, որ կը գործէ իր օրինական գիծերէն անդին։