image

37-ամեայ կինը դանակի հարուածներ տուած է իր յիսունը անց ամուսնոյն

37-ամեայ կինը  դանակի հարուածներ տուած է իր յիսունը անց ամուսնոյն

Յուլիս 3-ին` ժամը 19:30–ի սահմաններուն, ոստիկանները պարզած են, որ Մովսէս Խորենացի փողոցի շէնքերէն մէկուն բնակարանին մէջ վիճաբանութեան ժամանակ 37-ամեայ Ա. Ղ.-ն դանակով հարուածած է իր 54-ամեայ ամուսնուն` Ա. Կ.-ին:

Կարճ ժամանակ անց, «էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժին, որ «կրծքավանդակի ձախ կէսի կտրած-ծակած վէրք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է Ա. Կ.-ն:

Մինչ «էրեբունի» բժշկական կեդրոնի բժիշկները կը պայքարէին վիրաւորին կեանքին համար, ինչ որ յաջողած են ընել, ոստիկանները յայտնաբերած են կինը, բերման ենթարկած են ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժին, ապա ներկայացուցած՝ էրեբունիի քննչական բաժին, ուր քննիչին որոշմամբ ձերբակալուած է: