image
Հրատապ լուրեր:

3 Դուստրերուն ձեռամբ սպաննուած Միխայիլ Խաչատուրեանին յետ մահու նոր մեղադրանք

3 Դուստրերուն  ձեռամբ սպաննուած Միխայիլ Խաչատուրեանին  յետ  մահու նոր մեղադրանք

Միխայիլ Խաչատուրեան, որ սպաննուած էր 2018-ի յուլիսին երեք դուստրերու կողմէ, նորէն մեղադրուած է իր գործադրած բռնութեան համար։

Այս մասին տեղեկացուցած է mk.ru պարբերականը՝ յղում կատարելով սպաննուածի հարազատներու ներկայացուցիչին։

 

Փաստաբան՝ Կէորկի Չուղուաշվիլին, որ կը ներկայացնէ սպաննուածի հարազատներուն կողմը, տեղեկացուցած է նոր խմբագրմամբ մեղադրանքի մասին, որ կատարուած է սպաննուածի հասցէին։

 

Փաստաբանը կը պնդէ, որ ոչ մէկ նոր բան գործին աւելցած է, բոլոր մեղադրանքները կը յենուին Խաչատուրեան քոյրերու յայտարարութիւններուն վրայ։

 

2018-ին սպաննուած Միխայիլ Խաչատուրեանի քրէական գործի քննութիւնը աւարտած է։ Չնայած Խաչատուրեան քոյրերու պաշտպանութիւնը պնդած է անհրաժեշտ ինքնապաշտպանութեան մասին, Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն զանոնք կը մեղսագրէ սպաննութիւն նախնական պայմանաւորուածութեամբ։ Աղջիկներու պնդմամբ՝ հայրը տեւական սեռական ու հոգեբանական բռնութիւն գործադրած է իրենց հանդէպ, ինչ որ դրդած է անոնց այդ քայլին։ Միեւնոյն ժամանակ, Միխայիլը կը մեղադրեն դուստրերուն հանդէպ հալածանքներու եւ սեռական բնոյթի գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ բոռնոկրաֆիոյ անօրինական պատրաստման եւ շրջանառութեան մէջ։

 

Խաչատուրեան քոյրերու պաշտպանութիւնը կրնայ պահանջել դադրեցնել Քրիստինայի, Անգելինայի եւ Մարիայի քրէական գործը, եթէ անոնց հայրը մեղաւոր ճանչցուի։

 

2021-ի օգոստոսին կրկնակի փորձաքննութիւնը հաստատած էր հօր կողմէ բռնութեան փաստը։ Սեպտեմբերին, հերթական փորձաքննութենէ յետոյ, պարզուած էին Միխայիլ Խաչատուրեանի մանկապղծութեան հակումները։