Շաբաթ օր Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-էն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ եւ իրենց կողմէ տրամադրուած մեքենայով 16 բուժառու եւ անոնց ուղեկցողները տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
19 բուժառուներ, որոնք պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած էին ՀՀ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ։
«Հաշուի առնելով առողջական հիմքով տեղափոխուող անձանց մեծ քանակը՝ որոշում կայացուել է այդ օրուայ տեղափոխութիւնն իրականացնել միկրոավտոբուսով, որի կադրերը ադրբեջանական լրատուամիջոցները տարածել են այնպիսի անկիւնից, որ չերեւայ Կարմիր խաչի նշանը»,- ըսուած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։