image

15 տարի անց. Իսրայէլեան թռիչքներ դէպի Թուրքիա

15 տարի անց. Իսրայէլեան թռիչքներ  դէպի Թուրքիա

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման արդիւնքը կրնայ ըլլալ 15-ամեայ ընդմիջումէ յետոյ իսրայէլեան օդանաւային ընկերութիւններու կանոնաւոր թռիչքներու վերականգնումը դէպի թրքական տարածք: Բացի այդ, Թել Աւիւն ու Անգարան պիտի վերսկսին համագործակցութիւնը քաղաքացիական օդային փոխադրութեան ոլորտին մէջ:

Իսրայէլեան եւ թրքական կողմերու բանակցութիւններուն մէջ պիտի քննարկուին նաեւ կանոնաւոր թռիչքներու յաճախականութեան աւելացումը եւ ուղեւորներու անվտանգութեան հարցերու կարգաւորումը:

Իսրայէլեան օդանաւային ընկերութիւնները 2007 թուականէն թռիչքներ չեն իրականացներ դէպի Թուրքիա, այս ամբողջ ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ օդային հաղորդակցութիւնն իրականացուած է միայն թրքական կողմէ: