image

Յարձակում «Ենի Շաֆաք» եւ «Ենի Աքիթ» Թերթերու Խմբագրատուներուն Վրայ

Յարձակում «Ենի Շաֆաք» եւ «Ենի Աքիթ»  Թերթերու Խմբագրատուներուն Վրայ

Թուրքիա (Լրատուական գործակալութիւններ)- Հնգշաբթի առաւօտ կանուխ, Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան կողմնակից երու թերթերու վրայ յարձակումներ կատարուած են: Նոյն ժաmերուն, նոյն տեսակի մոլոթոֆեան պայթուցիկներով, դիմակաւորներու յարձակման ենթարկուած են «Ենի Շաֆաք» եւ «Ենի Աքիթ» թերթերը, կրելով նիւթական լուրջ վնասներ:

«Ենի Շաֆաք» թերթի Պայրամփաշայի շէնքին առջեւ հաւաքուած հինգ դիմակաւորներ շէնքի մուտքին մոլոթոֆեան պայթուցիկներ արձակելէ ետք, կրակ բացած են շէնքի վրայ եւ փախած՝ դէպի Աքսարայ:

 

 

Նոյն ժամերուն նոյնատեսակ զէնքերով յարձակում մըն ալ գործուած է «Ենի Աքիթ» թերթին Քիւչիւքչմէճէի շէնքին վրայ: Հրշէջ խումբեր փութացած են մարելու պայթուցիկներու յառաջացուցած հրդեհը: Ոստիկանութիւնը այժմ քննութիւններ կը կատարէ նախայարձակները գտնելու ուղղութեամբ: