image

Թուրքիան ասպարէզ կը կարդայ Զօր. Հաֆթարին

Թուրքիան ասպարէզ կը կարդայ Զօր. Հաֆթարին

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն սպառնացած է, որ պիտի թիրախաւորէ զօրավար Խալիֆա Խաֆթարի ուժերը, եթէ լիպիացի զօրավարը զօրքերը շարունակեն վնաս հասցնել Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ շահերուն եւ դիւանագիտական առաքելութեան, կը հաղորդէ Reuters-ը։

Թուրքիան նաեւ որակած է Թրիփոլիի մէջ Միթիկի օդակայանի հրետանային գնդակոծումը որպէս ռազմական յանցագործութիւն:

Աւելի վաղ Թուրքիան եւ Իտալիան յայտարարած էին Թրիփոլիի մէջ իրենց դեսպանութիւններու շրջակայքի գնդակոծման մասին։