Անգարա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուն Շաբաթ օր յայտարարած է, որ Թուրքիա ինզինք իրաւունք վերապահած է հարուածելու Սուրիոյ հիւսիսը գործող YPG-ին, ինչպէս որ կը հարուածէ հիւսիսային Իրաքի Քանտիլ լեռներուն վրայ գործող PKK-ին, եթէ տեսնէ, որ YPG-ի գործողութիւնները կը սպառնան իր ապահովութեան: Այս մասին կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ»ը, նշելով, որ Տաւութօղլուն լրագրողներուն փոխանցած է նաեւ, որ ան կը մերժէ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճո Պայտընի խօսքը, որ PKK- ն եւ PYD պէտք է գնահատուին իրարմէ տարբեր, եւ յայտնած է, որ PKK- ն ու YPG-էն տարբեր բաներ համարելը կը նշանակէ տեղեակ չըլլալ այն զէնքերու եւ զինեալ խմբաւորումներու մասին, որոնք Քանտիլէն Սուրիա կը տեղափոխուին: Աղբիւրի համաձայն, Տաւութօղլու հաստատած է, որ YPG կը համագործակցի Ասատի վարչակարգին հետ, եւ անոր տարած պայքարը «Տահէշ»ի դէմ, զինք օրինական չի դարձներ: Տաւութօղլուն նշած է նաեւ, որ Թուրքիան պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը, իր սահմանի երկայնքին սպառնալիք հանդիսացող բոլոր զարգացումներուն դէմ:
Աղբիւր կը յայտնէ, որ Տաւութօղլուն բացառած է PYD Սուրիոյ բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը, որպէս ընդդիմադիր կողմ, աւելացնելով, որ PYD–ին «կեղծ ընդդիմութիւն է», քանի որ ան կը համագործակցի սուրիական ռէժիմի հետ: Ան նաեւ քննադատած է Պայտընի ունեցած հանդիպումը լրագրողներու հետ, նշելով որ պրն. Պայտըն եթէ կ'ուզէ ճիշդ կարծիք ունենալ Թուրքիոյ մէջ կատարուածի մասին, պէտք է նաեւ հանդիպի PKK-ի գործողութիւններուն զոհ դարձած մարդոց հարազատներուն հետ:
Կը նշուի նաեւ, որ Տաւութօղլուն յայտնած է, թէ հաշտեցման գործընթացին վերադառնալու կարելիութիւն կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ PKK-ան իր զէնքը վար կ'առնէ: