Սան Տիէկօ- (Yahoo News) Շահրազատի եւ Օնուրի միջեւ եղած սիրավէպը , որ կեդրոնական տրաման է թրքական «Հազար ու մէկ գիշերներ» օփեռային սէրիալին, փոթորիկ կ'առաջացնէ Չիլիի հեռատեսիլային ցանցերուն մէջ: Այս մասին կը գրէ Yahoo News-ը, որ կը փոխանցէ նաեւ, որ երկար տարիներէ ի վեր «Հազար ու մէկ գիշերներ» հաղորդաշարի (սէրիալ) նման հանդիսատեսի մեծ քանակը չէր արձանագրուած Հարաւային Ամերիկեան երկիրներու մէջ:Այս երեւոյթը պատճառ դարձած է, որ Լատին Ամերիկայի բոլոր հեռուստաընկերութիւնները սկսին ցուցադրել թրքական սէրիալներ, երկիր մը, որ վարժ էր իր սեփական սէրիալները տարածել աշխարհով մէկ:Չիլիի մէջ հաղորդաշարը սկսած է ցուցադրուիլ անցեալ Մարտին եւ շուտով դարձած է տարուան ամենաշատ դիտուած հաղորդաշարը , իր ետին ձգելով մնացեալ բոլոր հսկայական ծրագիրները: Կայքը նաեւ կը գրէ, թէ թրքական հեռատեսիլի այս յեղաշրջից ներկայութիւնը, որուն հաղորդաշարերը շատ հաւատարիմ հանդիսատէս ունին Եւրոպայի տասնեակ քաղաքներու եւ Միջին Արեւելքի մէջ, տակաւին չէր ճեղքած ամերիկեան շուկաները:Շահրազատի եւ Օնուրի սիրավէպը ներկայիս կը ցուցադրուի Քոլոմպիայի մէջ, եւ առաջնութեան թեկնածու է Ուրուկուէյի, Պրազիլի եւ Փէրուի մէջ: Հաղորդաշարը վաճառուած է նաեւ Արժանթինի եւ Պոլիվիոյ մէջ: