image

Տահէշ Կը Պատրաստուի Լիպիական Սերդ Քաղաքը, Իր Նոր Մայրաքաղաքը Հռչակել

Տահէշ  Կը  Պատրաստուի   Լիպիական  Սերդ Քաղաքը, Իր Նոր  Մայրաքաղաքը Հռչակել

Լիպիա- («Ալ-արապիա»- ԱՄԷ)- «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը    կազմաւորած է իր ոստիկանախումբը լիպիական Սերդ  քաղաքին  մէջ: Խմբաւորումը իր էջերուն վրայ տարածած է տեսերիզ մը, ուր  կ'երեւան  (իր կոչմամբ) ոստիկանախումբի անդամներ «պաշտօնական տարազներով», որոնց հագածը  շատ նման  է  աֆղանեան տարազին: Տեսերիզի մէջ երեւցողերուն երեսները ծածկուած են սեւ դիմակներով եւ ձեռքերնուն կայ քալաշնիքովներ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-տիար»ը: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ տեսերիզի մէջ ոստիկաններու ետին երեւցած են  Toyota  մակնիշի բեռնատար ինքնաշարժներ, որ յաճախ կ'օգտագործուին «Տահէշ»ի կողմէ Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ:Կը նշուի նաեւ, որ տեսերիզին մէջ խօսքով հանդէս եկող  զինեալին  խօսակցական ոճը կը բացառէր անոր լիպիացի  ըլլալը եւ ենթադրել կու տար որ ան թունուսցի էր: Խօսնակը իր յայտարարութեան մէջ հաղորդած է, որ կազմակերպութեան անդամները բնակչութեան պաշտպան են, ինչպէս նաեւ նշած է, որ կազմակերպութիւնը իրեն վերագրուած ամէն տեսակի ոճիրներէն անմեղ է , ըլլայ Լիպիոյ, կամ որեւէ տեղ ուր կը գործէ կազմակերպութիւնը:Աղբիւրը կը նշէ, որ շատ մը արեւմտեան տեղեկագրեր նախապէս խօսած են «Տահէշ»ի կողմէ իր մայրաքաղաքը  դէպի Լիպիոյ Սերդ քաղաքը տեղափոխելու ծրագրին  մասին, որ պիտի օգտագործէ որպէս մեկնակէտ Եւրոպայի դէմ ուղղուած  իր թշնամական գործողութիւններուն: