image

Սուրիական Հարցի Լուծումը Ժամանակի Կը Կարօտի. Ռոհանի

Սուրիական Հարցի Լուծումը  Ժամանակի Կը Կարօտի. Ռոհանի

Իրան- («Ալ-Սաֆիր»- Պէյրութ)- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, որ սուրիական ճգնաժամի քաղաքական լուծման հասնիլը ժամանակի կը կարօտի, նշելով, որ պետք է խուսափիլ աւելորդ լաւատեսութենէ, Ժընեւի մէջ մեկնարկուած բանակցութիւններու արդիւնքներուն կապակցութեամբ: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Սաֆիր»ը, նշելով, որ Ռոհանի Փարիզէն հեռանալէն առաջ լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ ինք յոյսով է, որ այդ բանակցութիւնները շուտ պտուղ տան, սակայն Սուրիոյ ճգնաժամը շատ բարդ է,այնտեղ տարբեր խումբեր կը պայքարին ե՛ւ կառավարութեան դէմ ե՛ւ  իրար միջեւ, որոնց կ'աւելնայ նաեւ դուրսի միջամտութիւնները սուրիոյ ներքին գործերուն:Իսկ այն մասին, թէ իր երկիրը պիտի աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատին թէ ոչ, Ռուհանին նշած է, որ կարճաժամկէտ շրջանին համար ընտրութեան առիթ չկայ, բացի սուրիական բանակին աջակցելէն, սակայն ինչ կը վերաբերի Ասատի ճակատագրին, Ռոհանի ընդգծած է, որ մենք չենք կրնար այդ մէկը որոշել, Սուրիոյ ժողովուրդի փոխարէն:

Սէուտական Արաբիոյ հետ Իրանի լարուած յարաբերութիւններու կապակցութեամբ, ան վերահաստատած է իր մերժումը՝  անորմէ ներողութիւն խնդրելու, դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակման համար, նշելով որ Իրանի իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ հարկ եղած միջոցները գործադրած եւ ձերբակալած են  յանցաւորը եւ աւելցուցած, որ Իրանի չի ցանկար Ռիատի հետ այս լարուածութիւնը, բայց այդ ուղղութեամբ Սէուտական Արաբիան ինք պէտք է նախաձեռնէ:

Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի հետ իր կապերուն, Ռուհանի յայտնած է Ամերիկայի հետ լարուածութիւնը թոյլցնելու Իրանի ցանկութիւնը, սակայն աւելցուցած է, որ «այդ ճանապարհը երկար է ... բայց երկու երկիրներու միջեւ խնդիրները մշտական ​չեն կրնար ըլլալ», այնուհետեւ դրուատած է Իրանի միջուկային ծրագրի բանակցութիւններուն շնորհիւ երկխօսութեան վըրսկսումը: