Ամերիկա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Քաղցկեղէ տառապող սուրիացի գիտնականը , որ կը ձգտի նոր կեանք մը սկսիլ ԱՄՆ-ի մէջ, ընդունուած է նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ: Ան մասնաւորապէս եղած է ԱՄՆ առաջին տիկնոջ Միշէլ Օպամայի հիւրը: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ նոյպէս կը փոխանցեն, որ Րիֆահի Համօ անոր որդին եւ երեք դուստրերը Տիթրոյթ ժամանած են անցնող տարուան Դեկտեմբերին: Համօ նախ հասած էր Թուրքիա, երբ հրթիռային յարձակման զոհ դարձած էին անոր կինն ու մէկ դուստրը: Ան ներկայացուած էր նշանաւոր «Humans Of New York» նկարներու պլոկի մէջ «Գիտնականը» խորագրով: Սպիտակ Տունը Կիրակի օր յայտարարած է, որ բժիշկը պիտի ըլլայ 20 հիւրերու շարքին, որոնք պիտի նստին առաջին տիկնոջ կողքին: Հիւրերու մէջ պիտի ըլլան վէթէրաններ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ ուշագրաւ դիրք գրաւած անձնաւորութիւններ ու նաեւ երեք ամերիկացիներէն մէկը, որ կասեցուցած էր ահաբեկչական յարձակումը Փարիզ ուղուող շոքեկառքին վրայ Օպամա Համոյի մասին տեղեկացած էր դերասան Էտ Նորթընի կազմակերպած դրամահաւաքի միջոցաւ, ուր վերջինս Համոյի քաղցկեղի բուժման եւ անոր ընտանիքին օժանդակելու նպատակով համացանցի վրայ օնլայն դրամահաւաք մը մեկնարկած էր եւ ապահոված աւելի քան 450,000 ամերիկեան տոլլար:
Օպաման դիմատետրի միջ թողարկման միջոցաւ Համոյին ըսած է «Այո, դուք դեռ կրնաք աշխարհի մէջ փոփոխութիւն կատարել, եւ մենք հպարտ ենք, որ դուն քու երազներուդ հետամուտ պիտի ըլլաս այստեղ. բարի եկած ես քու նոր տունդ: Դուն մաս կը կազմես այն բոլորին, որ Ամերիկան աւելի հզօր կը դարձնէ»:
Թերթը կը նշէ նաեւ, որ նախագահ Օպաման որոշած է յաւելեալ 10,000 սուրիացի փախստականներ ընդունիլ, սակայն կարգ մը հանրապետական պատգամաւորներ եւ նախագահութեան թեկնածուներ դէմ են գաղթականներու թիւին ընդարձակման: