image
Հրատապ լուրեր:

Սեւան Նշանեանի Խորհրդարանական Թեկնածուութիւնը Մերժուեցաւ

Սեւան Նշանեանի Խորհրդարանական Թեկնածուութիւնը  Մերժուեցաւ

Թուրքիա-   Սեւան Նշանեանի      խորհրդարանական թեկնածուութիւնը մերժուցաւ: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Տէմոքրաթհապէր»  կայքը: Աղբիւրը   նաեւ կը նշէ, որ  Նշանեանի թեկնածութիւնը մերժուած է    Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ: Ըստ      ընտրական գերագոյն մարմնին Նշանեան չի լրացներ     պատգամաւորական  թեկնածու առաջադրուելու  պայմանները: Նշենք, որ Նշանեանի թեկնածուութիւնը առաջադրուած էր Լիպէրալ- ժողովրդավարական  կուսակցութեան կողմէ (LDP), որ  Թուրքիոյ  444 ընտրատեղամասերուն համար  61  թեկնածուներով պիտի մասնակցի   1 Նոյեմբերին նախատեսուած  ընտրութիւններուն:  Քաղբանտարկեալ  Նշանեանի    բանտարկութեան  պայմանները  դարձած են  աւելի «տանելի» եւ ան  կիսով չափ «բաց բանտարկութեան»  րէժիմի տակ է: