image

Ռուսիան Կազը Պիտի Կտրէ՞ Թուրքիայէն

Ռուսիան Կազը Պիտի Կտրէ՞ Թուրքիայէն

Թուրքիա – («Հալապ Ալ Ան»  Ֆէյսպուքեան  էջ) Երբ անցած ամիսներուն Սուրիոյ   մէջ վար  առնուեցաւ   ռուսական   օդանաւը,    ի յայտ եկան շատ մը վերլուծութիւններ, որոնք չափազանցեցին յաջորդ առճակատումի ահագնութիւնը,  սկսելով Ռուսիոյ ռազմական հակադարձումէն, կամ պատերազմի հաւանականութենէն եւ կամ առնուազն տեղի ունենալիք տնտեսական յարաբերութիւններու դադարեցումով եւ երկու երկիրներու միջեւ կազի փոխանկաման պայմանագրին  խզումով:Իրականութեան մէջ սակայն, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ  ջերմուժի  պատասխանատուներու մեկնաբանութիւնները՝  ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր ցոյց տուած են, որ կազի մատակարարումը պիտի չդադարեցուի եւ որ նման պայմանագրեր պէտք չէ ենթարկուին քաղաքական ճգնաժամերու եւ քաղաքականութեան փոփոխութիւններուն:Թուրքիան, որ աստիճանաբար դարձած է եւրոպական երկիրներու շարքին բնական կազի ամենամեծ սպառիչը, նախորդելով Ֆրանսային եւ Սպանիոյ, ոչ այն կառոցները ունի, որոնք  անոր  թոյլ կու տան այդքան քանակութեամբ հեղուկ կազ ներմուծելու, ոչ ալ Քաթարը ի վիճակի է իր կազի արտադրութեան քառորդ տոկոսը տրամադրել Թուրիոյ: Միաժամանակ Ռուսիան չի փափաքիր կորսնցնել իր խոշորագոյն յաճախորդներէն մէկը, մանաւանդ որ տակաւին չունի արտահանման այլընտրանքային ցանցեր Ասիական շուկային մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ պայմանագրի դադրեցումը, որ ուժի մէջ է յաջորդ 10 տարիներուն համար, հսկայական տուգանքներու կ'ենթարկէ Ռուսիան:Այս կապակցութեամբ, նախատեսուածին  համաձայն, եկող ամսուն ՝ Մուսկուա եւ Անգարա պէտք է վերջնական համաձայնագիր մը ստորագրեն ռուսական կազի նոր գիծ մը կառուցելու համար, որուն  համաձայն Թուրքիա պիտի հանդիսանար դէպի Եւրոպա արտահանուող ռուսական կազի հիմնական անցքը, սակայն ռուսական յանկարծակի յայտարարութիւն մը դադրեցուցած է բանակցութիւնները այս ծրագրին  շուրջ:  «Կազ բրոմ»ի նախագահ Ալէքսի Միլըրի  յայտարարութենէն  ետք այն մասին, որ նախագիծի դադրեցումը մաս կը կազմէ Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուած պատիժներուն՝ նախագահ Էրտողանը յայտարարած է, որ Թուրքիան է, եւ ոչ թէ Ռուսիան, որ բանակցութիւնները կասեցուցած է, յայտնելով որ Միլըրի խօսքերը «սուտ» են: