image

Ռուսիա Մտադիր Է Գորգի Գործարանի Մը 15 Թուրք Աշխատողները Արտաքսել

Ռուսիա  Մտադիր Է  Գորգի Գործարանի  Մը 15 Թուրք Աշխատողները  Արտաքսել

Ռոսթով- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)-  Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին  Ռուսիոյ Ռոսթով քաղաքին մէջ գործող թրքական գորգի գործարանէն ներս աշխատող 15 թրքահպատակներ ձերբակալուած են, եւ երեքշաբթի օր դատարանի վճիռէն ետք պիտի արտաքսուին դէպի Թուրքիա: Թերթը   նաեւ կը գրէ,թէ  «Merinos Russia» գորգի գործարանի ընդհանուր տնօրէն՝ Էրտողան Շէքէր, Հինգշաբթի օր հրապարակած  յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Ռուսիոյ պատասխանատու եւ ռազմական միաւորները Երեքշաբթի օր ներխուաժած են գործարան եւ ձերբակալած 15 թուրք աշխատաւորներ, հակառակ անոր, որ բոլորին ալ կացութեան եւ աշխատանքի թոյլտուութեան թուղթերը օրինական  են: Աղբիւրը կը նշէ, որ թուրք աշխատաւորներու մէկ մասը նոյնպէս իրենց տուներէն կանչուած են գործարան եւ տարուած գաղթականներու գրասենեակ, ինչպէս նաեւ գրաւուած է գործարանին պատկանող համակարգիչներ: Էրտողան Շէքէր, յայտնած է նաեւ, որ ընկերութիւնը ջանքեր պիտի չխնայէ եւ գործի պիտի դնէ բոլոր իրաւական միջոցները,  ընկերութեան անձնակազմի հանդէպ կատարուած ահաբեկման քաղաքականութեան եւ անարդար արաքին դէմ, որ գործադրուած է ռուս պաշտօնեաներու կողմէ, երկու երկիրներու միջեւ ծագած քաղաքական բանավէճերու հետեւանքով: Նշենք, որ Թուրքիոյ կողմէ Նոյեմբեր 24-ին ռուսական ռազմական օդանաւի վարբերումէն ետք Ռուսիան յայտարարած է կիրառել լայնածաւալ պատժամիջոցներ Թուրքիոյ դէմ: Այդ պատժամիջոցներու շարքին են վերջ տալ երկու երկիրներու միջեւ առանց մուտքի արտօնութեան  ճամբորդութեան օրէնքին, եւ թրքական ապրանքներու նեմուծման, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է իր քաղաքացիներուն հրաժարիլ դէպի Թուրքիա զբօսաշրջիկութեան  համար մէկնելէ: