Ռուսիա- Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին այսօր Ռուսիոյ ազգային հերոսի կոչում շնորհած է թրքական ուժերու կողմէ վար առնուած ռուսական օդանաւի օդաչուներուն: Այս մասին տեղեկութիւը տրուած է Ռուսիոյ նախագահութեան Twitter-եան էջին կողմէ: Օդաչուներ հարիւրապետ Օլէկ Փէշկով եւ գնդապետ Կոնստանդին Մուրախտին (առաջինը յետ մահու) ստացած են ազգային հերոսի կոչում ռուսական բանակի զինուորական գործողութիւններուն առընթեր իրենց ցուցաբերած արիութեան համար: Նշենք, որ գնդապետ Մուրախտին (Լուսանկարը) , որ յատուկ ջոկատայիններու կողմէ դուրս բերուած էր դէպքի վայրէն հասած էր շրջանին մէջ եղող ռուսական զօրակայններէն մին: