image

Մէսուտ Պարազանի Անկախանալու Գործողութիւններ Սկսած Է

Մէսուտ Պարազանի Անկախանալու Գործողութիւններ Սկսած Է

Իրաքեան Քիւրտիստան- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Իրաքեան Քիւրտիստանի տարածաշրջանի (KRG) նախագահ Մէսուտ Պարազանին Երկուշաբթի օր յանձնարարած է իր քրտական Դեմոկրատական կուսակցութեան (KDP) գործակցիլ այլ կուսակցութիւններու հետ, խոստացեալ անկախութեան հանրաքուէի իրականացման եզրեր գտնելու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի սապահ»ը: Թերթը կը նշէ, որ այս հարցի կապակցութեամբ Մերձաւոր Արեւլքի հետախուզական  հիմնարկի  (հիմնուած իրպիլի եւ Իրաքի մէջ) (MERI) նախագահ, փրոֆէսոր Տլաուէր Ալա Ալ-Տին յայտնած է, որ չնայած Իրաքեան  Քիւրտիստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հոմոզուած են, որ (Իրաքի) Քիւրտիստանի անկախացումը պէտք է  իրականանայ երկար ժամանակի վրայ, սակայն շատեր կը նկատեն, որ հիմա յարմար ժամանակը չէ:Իր հերթին, Պոլսոյ Շէհիր համալսարանի «Ժամանակակից թրքագիտութեան կեդրոն»ի տնօրէն Մուզաֆէր Շէնէլը Յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար հեռու չէ անկախ Քիւրտիստանի մը գոյութեան գաղափարը իր հարաւարեւելեան սահմանին, յատկապէս Ամերիկայի կողմէ Իրաք վրայ ներխուժուման իրականացումէն ետք:Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Պարազանի խստօրէն քննադատած է PKK-ի  ուժերը եւ անոնց վերագրած է Թրքական պետութեան հետ հաշտութեան ծրագրի ձախողութեան պատասխանատուութիւնը: Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Պարզանիի կողմէ Թուրքիոյ պետութեան հետ Տահէշ-ի եւ PKK-ի դէմ պայքար տանելու որոշումը պատճառ հանդիսացած է, որ Թուրքիա որոշէ համագործակցիլ Պարզանիի կառավարութեան հետ:Փրոֆեսոր Շէնէլ յայտնած է նաեւ, որ եթէ (KRG)-ն անկախանայ Իրաքէն, այդ ժամանակ անոր միակ տնտեսական  դուռը պիտի ըլլայ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ  PKK-ի ազդեցութիւնը պիտի նուազի տարածաշրջանի վրայ, որմէ միակ տուժողը պիտի ըլլայ PYD-ն (Սուրիոյ մէջ Դեմոկրատական միացեալ կուսակցութիւնը), որ սերտ կապեր ունի PKK-ի հետ: Մինչ փրոֆէսոր Ալա Ալ-Տին յայտնած է, թէ հակառակ բոլոր քննարկումներուն, տարածաշրջանի հարեւանները դեռ պատրաստ չեն հանդուրժել KRG-ի Իրաքէն անջատումի գաղափարը, ինչպէս նաեւ  համաշխարհային ուժերը պիտի չուզեն թոյլ Իրաք մը տեսնել Տահէշի դէմ: