Ամերիկա- («Ալ-Սաֆիր»-Պէյրութ)- Ամերիկացի բեմադրիչ եւ քաղաքական աքթիւիսթ Մայքըլ Մուր ընկերային կայքերու վրայ «Բոլորս Իսլամ ենք» անունով քարոզարշաւ մը մեկնարկած է` ԱՄՆ-ի նախագահական թեկնածու Տոնալտ Թրամբի իսլամներու դէմ ատելութեամբ լեցուն ճառին դէմ: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Մուր իր կայքի միջոցաւ կոչ ուղղած է իր «հետեւորդներուն» պաստառ մը պատրաստել, ուր գրուած ըլլայ «Բոլորս իսլամ ենք» եւ նկարուելէ ետք պաստառին հետ (#WeAreAllMuslim) `հէշթէկով տարածել նկարը Ֆէյսպուքի, Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի վրայ, յայտնելով որ ինքն ալ իր հերթին այդ նկարները պիտի տեղադրէ իր կայքին մէջ եւ ուղարկէ Տոնալտ Թրամբին, հեգնական կոչ մը ընելով վերջինիս միանալ քարոզարշաւին: Թերթը կը նշէ, որ Մայքըլ Մուր այս նամակ-կոչը ուղորդած է նկարով մը, ուր ինք նման պաստառ մը շալկած նկարուած է Թրաբփի պատկանող «Trump Tower»ի առջեւ, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի Մէնհէթըն թաղամասին մէջ: Նամակին մէջ ՄուրԹրամբին ըսած է նաեւ, որ «դուն շատ մը այլ սպիտակամորթներու նման կը զայրանաս եւ կը վախնաս քեզմէ դուրս եկած եւ քու միտքիդ մէջ գոյութիւն ունեցող ուրուականէ մը, դատապարտելով բոլոր իսլամները անխտիր», աւելցնելով, որ «մենք բոլորս իսլամ ենք, ինչպէս որ բոլորս միաժամանակ մէքսիքացի ենք, կաթողիկէ ենք, հրեայ ենք, սեւ ենք, ճերմակ ենք..» նշելով, որ եթէ չես ուզեր ամերիկեան այս օրէնքին համաձայն ապրիլ, պէտք է քաշուիս քու աշտարակիդ սենեակներէն մէկը եւ ձգես, որ մենք ընտրենք իսկական քաջ, ուժեղ եւ գթասիրտ նախագահ մը: