Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի՝ ուղղափառ համայնքի հարցերով խորհրդական Ռիվքա Փալուխը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Այդ մասին գրած է The Times of Israel թերթը:
Ըստ հրապարակման՝ Փալուխի «Քորոնա» ժահրային հետազօտութիւնը դրական եղած է: Նախապէս վարակը հաստատուած էր նաեւ անոր ամուսինի մօտ:
Թերթը նշած է, որ Փալուխը վերջին անգամ Նաթանիահուի հետ շփուած է հինգշաբթի օր: Անոնց հանդիպումն անցած է պահանջուող հեռաւորութեան վրայ: