Իրան- («Yahoo News» կայքէջ)- Իրան հեռացուցած է « Arak» ծանր ջուրի սարքէն հիւլէական միջուկը եւ անոր մէկ մասը լեցուցած է թրծաշաղախով: Այս մասին գրող «Yahoo News»ը, նաեւ կը յայտնէ թէ այս քայլը տեղի կ'ունենայ Իրան- ԱՄՆ կորիզային համաձայնութեան նախօրէին: Իրանի կորիզային ներուժի կազմակերպութեան խօսնակը յայտնած է, որ պայմանագրի համաձայն Իրանի կողմէ իրականացուած միջուկի հեռացումը կը սպասէ ՄԱԿ-ի կողմէ միջուկայինի տեսուչներու ստոուգման եւ Իրանի կողմէ պարտաւորութիւնները կատարուած ըլլալու հաստատիչ յայտարարութեան: Խօսնակը նշած է նաեւ, որ ՄԱԿ-ի յայտարաութենէն ետք է, որ Իրանի եւ վեցեակի՝ Մեծ Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համաձայնութիւնը (գործառքը) ուժի մէջ պիտի մտնէ եւ միջուկայինի վերաբերեալ Իրանի վրայ պարտադրուած պատժամիջոցները չեղեալ պիտի համարուին:Խօսնակը նշած է նաեւ, որ IAEA-ի տեսուչները ներկայիս Իրան են, եւ իրենց զեկոյցները պիտի ուղարկեն Վիէննայի մէջ գտնուող միջազգային հսկիչ վարչական կեդրոն: Պայմանագրի համաձայն, Իրանը արդէն հեռացուցած է Ուրան հարստացնող արագ դարձող մեքենաները եւ իր ցած մակարդակի հարստացուած Ուրանը տեղափոխած է Ռուսաստան: Կայքը կը նշէ, որ Նախագահ Ռոհանին խոստացած է, որ պատժամիջոցներու վերացումով, Իրանի պիտի ապրի տնտեսական բարգաւաճման տարի մը: Միջուկայինի համաձայնութեան առընթեր Ռոհանի կ'ուզէ յառաջխաղացք արձանագրել ներքին քաղաքականութեան մէջ, իրականացնելով հասարակական եւ քաղաքական փոքր բարեփոխումներ: Ան նաեւ ծայրայեղական խումբերու եւ ընդդիմախօսներու կողմէ ստացած է զգուշացումներ, որ միջուկայինի համաձայնութեան հետեւանքը կրնայ ըլլալ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի տնտեսութեան եւ այլ դաշտերու ներթափանցման: