Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Ալի Լարիժանին ապաքինուած է «Քորոնա» ժահրային վարակէն եւ յաջորդ շաբաթ պիտի մասնակցի խորհրդարանի նիստին: Այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի առաջին փոխխօսնակ Մասուտ Փեզեշքեան, կը փոխանցէ Mehr-ը:
«Բարեբախտաբար, խորհրդարանի խօսնակի առողջական վիճակը, որ կը տառապէր COVID-19-է, լաւ է, եւ եթէ Աստուած տայ, յաջորդ շաբաթ բաց խորհրդարանական նիստերը տեղի պիտի ունենան իր ներկայութեամբ»,- ըսած է Փեզեշքեան:
Իրանի խորհրդարանը անցեալ շաբթէն սկսած էր բաց նիստեր կատարել, նկատի առնելով ընկերային հեռաւորութեան պահպանման սկզբունքները:
Ըստ վերջին տուեալներուն՝ Իրան գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 73.000 դէպք, առողջացած է գրեթէ 46.000 հիւանդ, մահուան դէպքերը հասած են 4585-ի: